2014-04-16 09:32:00

Տասը Կուսանաց յիշատակի ժամերգութիւն` Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ։


Աւագ երեքշաբթի, 15 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան Աւագ շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններու սկզբնաւորութեան կատարուող Տասը կոյսերու յիշատակի ժամերգութեան: Յիսուսի պատմած Տասը կուսանաց առակէն առնելով իր իմաստը` սոյն ժամերգութիւնը կու գայ յիշեցնելու մարդկութեան Յիսուսի երկրորդ գալուստը եւ աշխարհի վախճանը:
Մինչ Աւետարանի ընթերցումը տեղի կ՛ունենար, տասը հայ աղջիկներ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, եկեղեցական շապիկներ հագած մոմեր ի ձեռին Մայր տաճարի դասին մէջ կանգնեցան: Անոնցմէ հինգը իրենց բաժնուած թուղթին մէջ «իմաստուն» գրութիւնը կարդալով, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ անոնք, որոնք «յիմար» կարդացին, մարեցին զանոնք` խորհրդանշելով մարդկային ընկերութեան երկու խումբերը: Իմաստունները, առակին մէջ յիշուած հինգ կոյսերուն նման` Տիրոջ գալուստը դիմաւորելու պատրաստ եղող մարդոց խումբը կը խորհրդանշէին, իսկ մնացեալները` անտարբեր մարդիկը, որոնք չեն հետաքրքրուած Աւետարանի բարոյական սկզբունքներով, ու իրենց առօրեան կ՛ապրին հեռու քրիստոնէական կեանքի սկզբունքներէն: Արարողութեան աւարտին, Տասը կոյսերը Մայր տաճարի փոխլուսարարապետ Տաճատ աբղյ. Աշըգեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան վեհարան, ուր Արամ Ա. կաթողիկոս հայրական սիրով ընդունեց եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը գնահատեց հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն նկատմամբ անոնց հետաքրքրութիւնը եւ յորդորեց սիրել իրենց մայրենի եկեղեցին ու գործադրել աւետարանական պատգամները:








All the contents on this site are copyrighted ©.